2016-02-20 10:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Յոբելինական ունկնդրութիւնը` Ողորմութիւն եւ յանձնառում։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 20 փետրուար 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Փետրուար ամսուայ յոբելենական հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած 50 հազարէ աւելի հաւատացեալներու ներկայութեամբ որոնց մեծամասնութիւնը անդամ  են ''Արեան տուչութեան'' իտալական ընկերակցութիւններու դաշնակցութեան եւ որոնք Հռոմ ժամանած էին, ողորմութեան սուրբ տարուայ ընթացքին կատարելու իրենց Յոբելենական ուխտագնացութիւնը։

Այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ քառասնորդացի եւ յանձնառումի մասին ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն, քաղուած Պօղոս առաքեալի Հռովմէացիներու ուղղուած նամակէն (Գլ 8, 31-34)։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Ողորմութեան Յոբելեանը իսկական հնարաւորութիւն մըն է մուտք գործելու Աստուծոյ սիրոյն ու բարութեան խորհուրդին մէջ ։ Քառասնորդաց այս ժամանակաշրջանի ընթացքին Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ միշտ աւելիով ճանչնալու Տէրը Յիսուսը ու հետեւողականութեամբ ապրելու հաւատքը, Հօր Ողորմութիւնը բացայայտնող ապրելակերպով։ Այս մէկը յանձնառում մըն է որուն կանչուած ենք եւ որուն միջոցաւ Աստուծոյ մօտիկութեան առարկայական նշան մը կը նուիրենք բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպինք ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ընդգծեց յանձնառումի կարեւորութիւնը։

'''Երբ յանձնառու ենք ըսել է թէ պատասխանատուութիւն մը ունինք, ուրիշի նկատմամբ պարտականութիւն մը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հաստատեց թէ, ամէն օր մեզմէ կը խնդրուի յանձնառու ըլլալ առօրեային մէջ` աղօթքի, աշխատանքի, ուսմունքի ու նաեւ մարզանքի եւ այլ գործունէութիւններու մէջ...Յանձնառու ըլլալ կը նշանակէ բարի կամք ցուցաբերել ու ջանք դափել բարեփոխելու համար մեր կեանքը։

Աստուած եւս յանձնառու եղաւ մեր նկատմամբ։ Անոր առաջին յանձնառութիւնը եղաւ աշխարհը ստեղծել, սակայն անոր ամենամեծ յանձնառումը եղաւ մեզի պարգեւել Յիսուսը։ Այո Յիսուսն է Աստուծոյ ամենավսեմ յանձնառումը։ Սուրբ Պօղոս կը գրէ ''Չխնայեց իր Որդինն, այլ մատնեց զինք մեզի համար'' (Հռովմ 8,32)։

Յիսուսով Աստուած յանձն առաւ աղքատներուն վերադարձնել յոյսը, ու զայն վերադարձնել նաեւ, արժանաւորութենէ զուրկ օտարականներուն, հիւանդներուն, բանտարկեալներուն եւ մեղաւորներուն որոնց կը հանդիպէր եւ բազումողորմութեամբ կ՛ընկալէր։

''Յիսուս Հօր Աստուծոյ ողորմութեան կենդանի արտայայտութիւնն է'' ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը յորդորելով հիմնուիլ Աստուծոյ յանձնառումը արտայայտող Յիսուսի ողորմած սիրոյն վրայ որպէսզի մեր կարգին համապատասխանենք այդ սիրոյն եւ այդ յանձնառումին ու այս ընել յատկապէս այնտեղ ուր կարիքն ու ծարաւը կայ յոյսին։ Լքուած անձերու, անկարներու, ծանր հիւանդներու, մահամերձներու ու բոլոր անոնց որոնք կարող չեն երախտագիտութիւն արտայայտել, անոնց տանինք Աստուծոյ ողորմութիւնը, կեանքի յանձնառումի ընդմէջէն որ ըլլայ մեր` Քրիստոսի մէջ ունեցած հաւատքի վկայութիւն։

Թող այս Յոբելեանը օգնէ մեզ` մեր մտքերն ու սրտերը, ձեռքով փորձարկելու Աստուծոյ յանձնառումը որպէսզի անոր միջոցաւ մեր կեանքը բարեփոխուի ու դառնայ բոլորին համար ողորմութեան յանձնառում ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն մատնանշելով թէ յառաջիկայ երկուշաբթի օր ''Պետրոս Առաքեալի Աթոռի''  տօնն է եւ թէ այդ օրը յատուկ օր մըն է հաղորդութեան ընդմէջ` Սուրբ Աթոռին, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին եւ հաւատացեալներուն։

Այս Սուրբ տարուայ ընթացքին այդ օրը` պիտի նշուի  Հռոմի Քուրիայի Յոբելենական օրը, ձեզ կը խրախուսեմ շարունակելու ձեր աղօթքները իմ տիեզերական առաքելութեանս համար ու շնորհակալ եմ ձեր յանձնառումին եկեղեցական հասարակութեան առօրեայ կառուցումին ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.